2017-09-08 23:59:00

Ճշմարտութիւնը` անբաժան ուղեկից է արդարութեան եւ ողորմութեան. Պապին 8 սեպտեմբերի թուիթները:


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 8 սեպտեմբեր 2017-ին Քոլոմպիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց երկու նոր թուիթներ։

Առաջինի մէջ Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դրաւ հաշտութեան կարեւորութեան վրայ հաստատելով թէ ''հաշտութիւնը կ՛ամրապնդուի բոլորին սատարի միջոցաւ ու առիթ կու տայ կառուցելու ապագան եւ աճեցնելու յոյսը''։ 

Մինչ աւելի ուշ հրատարակած երկրորդ թուիթին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց ճշմարտութեան գրելով թէ ''ճշմարտութիւնը` արդարութեան եւ ողորմութեան անբաժան ուղեկից է''։








All the contents on this site are copyrighted ©.